2012-12-24 10:23:27

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ Խորհրդակցութիւններ`


Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Շուրջ
Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար վերջերս խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, Ճեզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ Սիփան Ծ. վրդ. Քեչեճեանի, Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս եպս. Միրիաթեանի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայ համայնքին ներկայացուցիչներուն հետ: Յիշեալ հանդիպումներուն նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Արա Տեմիրճեան: Հանդիպումներուն նպատակն էր նախ մօտէն իմանալ Սուրիոյ մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան ու յատկապէս` հայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու կարիքներուն մասին:
Վեհափառ հայրապետը նախ տեղեակ պահեց սուրիահայութեան հոգեւոր ու ազգային պատասխանատուները դեսպաններուն, քաղաքական պատասխանատուներուն եւ օտար բարեսիրական կառոյցներուն հետ Սուրիոյ առնչութեամբ իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ անոնց ներկայացուց սուրիահայութեան օժանդակութեան համար ստացուած գումարներուն մանրամասնութիւնները:
Խորհրդակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք եզրակացուեցաւ հետեւեալը.
ա) Յստակ առաջնահերթութիւն տալ մեր ընտանիքներու առօրեայ կեանքին առնչուած կարիքներուն:
բ) Շարունակել, գէթ մասամբ, ամսաթոշակներ յատկացնել կրթական ու ազգային կառոյցներուն մէջ ծառայողներուն:
գ) Կապ պահել բոլոր կողմերուն հետ` հայ առեւանգեալներու ազատ արձակման համար եւ մեր ժողովուրդի ապահովութիւնը առաւելագոյն չափով երաշխաւորելու հեռանկարով:
դ) Ամրապնդել Սուրիոյ հայութեան ներքին միասնականութիւնը` յատկապէս ժողովուրդի կարիքներուն առանց խտրութեան օգտակար ըլլալու յստակ յանձնառութեամբ:
Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս ողջունեց Սուրիոյ մեր հոգեւոր առաջնորդներուն ու համայնքային պատասխանատուներուն սերտ գործակցութիւնը եւ միասնաբար ժողովուրդին ծառայելու նուիրումը: Այս առիթով վեհափառ հայրապետը նաեւ իր բարձր գնահատանքը եւ խոր գոհունակութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ցարդ մասնակից դարձած էին սուրիահայութեան օժանդակութեան` կաթողիկոսարանին կողմէ բացուած դրամատնային հաշիւին փոխանցելով իրենց նիւթական նպաստը: Վեհափառ հայրապետը միաժամանակ կոչ ուղղեց նոյն ոգիով ու պատրաստակամութեամբ շարունակելու մեր օժանդակութիւնը Սուրիոյ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, յատկապէս այս շրջանին, երբ ձմրան եղանակին վառելանիւթի եւ սննդամթերքի կարիքը սկսած է աւելի զգալի դառնալ:









All the contents on this site are copyrighted ©.